«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթիին մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք պատմական մրցանիշ մը հաստատեց «Էն. Պի. Էյ.»ի պատմութեան մէջ, այսպիսով կոտրելով Ուիլթ Չեմպըրլէյնի հաստատած մրցանիշը: Վերջինս 1967-1968 տարեշրջանին յաջորդաբար 9 մրցումի ընթացքին թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձած էր: Ուեսթպրուք, որ քանի մը օր առաջ կրկնած էր Չեմպըրլէյնի մրցանիշը, երէկ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (120-111), յաջորդաբար 10-րդ մրցումն ըլլալով թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (21 կէտ, 14 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Անոր խմբակից Փոլ Ճորճ իր կարգին երէկ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (47 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Ուեսթպրուքի համար ասիկա եղաւ այս տարեշրջանի 23-րդ, իսկ իր արհեստավարժ ասպարէզին 127-րդ թրիփըլ-տապըլը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Նիւ Եորք Նիքս | 107-104 |
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 121-112 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 99-90 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պրուքլին Նեթց | 127-125 |
| Շիքակօ Պուլզ – Միլուոքի Պաքս | 99-112 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Տալաս Մավըրիքս | 120-104 |
| Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 130-120 |
| Օքլահոմա Սիթի – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 120-111 |
| Տենվըր Նակեթց – Մայեմի Հիթ | 103-87 |
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Աթլանթա Հոլս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Նիւ Օրլինզ – Օրլանտօ Մեճիք
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճեզ



