Երէկ` երեքշաբթի, 12 փետրուարին, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Շուէտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան, որ պիտի աւարտի 18 փետրուարին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռեմոն Սուքքար, Լորա Նասսար նշանակուած է պատասխանատու, աղջիկներու խումբին նախագահն է Սելիմ Քէյրուզ, տղոց խումբինը` Եուսեֆ Շամել Խալիլ, մարզիչներն են` Ռոման Կարսան, Ֆրետերիք Իվ Պութա, իսկ մարզիկները` Ճեքի Շամուն, Քարլի Մարիա, Իսքանտար, Մանօ Օուէյս, Սարա Զէյտան, Սեզար Առնուք, Նայիմ Ֆինիանոս, Սիրիլ Քէյրուզ եւ Ժորժ Սըմահա:
 
			


