Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Փոլ Սքոլզ նշանակուեցաւ Օլտհեմ Աթլեթիքի գլխաւոր մարզիչ: Կողմերը կնքեցին կէս տարուան պայմանագրութիւն մը, յայտնեց ակումբին կայքը:
44 տարեկան անգլիացիին մանկութեան խումբը եղած է Օլտհեմը, որ ներկայիս մաս կը կազմէ Անգլիոյ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան եւ կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:
Փոլ Սքոլզ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2013-ին:



