Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Նիմի դէմ, աւելի հեռացաւ իր անմիջական մրցակիցէն` Լիլէն, որ այս հանգրուանին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սթրազպուրկի դաշտին վրայ:
Սեն Ժերմեն, որ մրցում մը նուազ կատարած է, այժմ 17 կէտի հսկայ առաւելութիւն մը ունի Լիլի վրայ, որ ունի 51 կէտ:
Մոնաքօ, որ յաղթեց իր հիւրին` Լիոնին, քիչ մը աւելի հեռացաւ վտանգաւոր գօտիէն եւ բարձրացաւ 16-րդ դիրք (քանի մը հանգրուան առաջ` 20-րդ):



