Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին, Մանչեսթըր Սիթի փենալթիներով` 4-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չելսիին, տիրացաւ տիտղոսին:
Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 հաւասարութեամբ:
Այսպիսով, Մանչեսթըր քաղաքի կազմը յաջողեցաւ պաշտպանել տիտղոսը, անոր տիրանալով չորրորդ անգամն ըլլալով` վերջին չորս տարիներուն ընթացքին:



