Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանոթեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 26 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս առաջին ճակատումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ կը ճակատին Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ: