Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Չորրորդ Յաղթանակը` 1-0 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Նահտա Պար Էլիասը

February 25, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պհամտունի դաշտին վրայ արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նահտա Պար Էլիասը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սեմի Պիայ` 74-րդ վայրկեանին:

Այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ տարեշրջանի չորրորդը, որուն շնորհիւ խումբը ապահովեց տարեշրջանի իր 13-րդ կէտը:

Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, ՀՄԸՄ երթի իր մրցումները աւարտած էր չորս կէտով` արձանագրելով յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրելով 9 պարտութիւն:

Սակայն դարձի մրցումներուն, խումբի մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ ՀՄԸՄ-ի անցեալի ֆութպոլիստ եւ նախկին մարզիչ Վաչէ Սարգիսեանին, որ կազմին մէջ յաջողեցաւ նոր շունչ մը բերել, եւ ատոր շնորհիւ ՀՄԸՄ դարձի հինգ մրցումներուն արձանագրեց երեք յաղթանակ:

Երէկ Վաչէ Սարգիսեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին տեղեկացանք, որ խումբը գտած է իր ճիշդ ուղին եւ հակառակ իր ունեցած քանի մը բացականերուն, կարելի եղած է երեք կէտ խլել մրցակիցէն, որ պէտք է ըսել, թէ լաւ խումբ մը կը նկատուի եւ կը գտնուի վերին դիրքերուն վրայ:

Սարգիսեան աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ եղող պայքարի կորովին եւ ոգիին միշտ ներկայ ըլլալուն շնորհիւ, խումբը յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն:

Սարգիսեան եզրափակեց, որ այժմ պիտի նայինք արձանագրուելիք յաջորդ յաղթանակին, որպէսզի այդ ընթացքը կանգ չառնէ:

Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.

  ՅԱՂԹ. ՀԱՒ. ՊԱՐՏ. ԿԷՏ
1.- Պըրժ 12 3 1 39
2.- Շապապ Պըրժ 11 2 3 35
3.- Ահլի Սայտա 10 2 4 32
4.- Նահտա Պար Էլիաս 5 7 4 22
5.- Իժթիմահի 6 3 7 21
6.- Ահլի Նապաթիէ 5 6 5 21
7.- Շապապ Արապի 5 4 7 19
8.- Մապարրա 4 6 6 18
9.- Սաժես 4 6 6 18
10.- Իսլահ Պըրժ Շիմալի 4 3 9 15
11.- ՀՄԸՄ 4 1 11 13
12.- Նասեր Պար Էլիաս 4 1 11 13
Նախորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան` Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` 84-72 Արդիւնքով Պարտուելէ Ետք Հարաւային Քորէայէն

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.