Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Սեւիլլայի դաշտէն:
Մրցումին աստղը հանդիսացաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ հեթրիք մը իրագործեց (26-րդ, 67-րդ եւ 85-րդ), ինչպէս նաեւ կատարեց չորրորդ կոլին էսիսթը, որ նշանակուեցաւ Լուիս Սուարեզի կողմէ (90-րդ):
Այսպիսով, Մեսսի իրագործեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին 50-րդ հեթրիքը (44-ը` Պարսելոնայի, իսկ 6-ը` Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ):
Յայտնենք, որ գործող ֆութպոլիստներէն հեթրիքի քանակով յառաջատարն է Եուվենթուսի այժմու յառաջապահ, փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոն (51):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա, որ ունեցաւ 57 կէտ, եօթը կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտը:
 
			


