Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ Լիվըրփուլ շաբթուան գագաթի ճակատումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի «Օլտ Թրեֆորտ»-ի դաշտին վրայ, աւելի քան 74 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, սակայն Մանչեսթըր Սիթիէն խլեց պարագլուխի դիրքը` անոր վրայ կէտի մը առաւելութիւն ունենալով:
Շուրջ 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Արսենալ, որ հիւրընկալեց Սաութհեմփթընը, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նշանակեց երկրորդ կոլը (17-րդ), կատարեց առաջին կոլին էսիսթը, որ նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Լաքազեթթէի կողմէ (17-րդ):
Այսպիսով, Արսենալ բարձրացաւ 4-րդ դիրք (53 կէտով), մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ նահանջեց 5-րդ դիրք (52 կէտ):
Մրցումէն ետք, 30 տարեկան Մխիթարեան «Պի. Պի. Սի.»-ին ըսաւ.
«Դժբախտաբար միայն 2 կոլ նշանակեցինք: Կ՛ուզէինք աւելի շատ կոլ նշանակել եւ ուրախացնել մեր համակիրները: Թէեւ 3 կէտ ապահովեցինք, բայց շարունակական մրցավազքի մէջ ենք եւ պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ»:
 
			


