Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, մնաց ցարդ անպարտելի միակ կազմը, 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող Պոլոնիայի դաշտէն (18-րդ):
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Փաուլօ Տիպալա (67-րդ):
Եուվենթուս այժմ 13 կէտով կը գերազանցէ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիին, որ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փարմայի դաշտին վրայ:



