Հինգշաբթի, 28 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 18:30-էն սկսեալ, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին համագումարը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին 2018 տարուան ընթացքին տեղի ունեցած ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը, ինչպէս նաեւ վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ եթէ պատահի, որ մեծամասնութիւն չգոյանայ (կէս+1), համագումարի յաջորդ թուականը պիտի ճշդուի հինգշաբթի 14 մարտը, նոյն վայրին մէջ, նոյն ժամուն, իսկ ներկաներուն թիւը օրինական պիտի նկատուի: