Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը ՖԻՖԱ-ին կողմէ յանցաւոր նկատուեցաւ` անչափահաս ֆութպոլիստներ իր կազմին միացնելուն համար: Նմանօրինակ խախտումներու 29 դէպք տեղի ունեցած է, նշուեցաւ ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Ասկէ մեկնելով, ՖԻՖԱ-ն կախակայեց Չելսին` նշելով, որ անիկա յառաջիկայ 2 տարեշրջաններուն ընթացքին չի կրնար ոեւէ մարզիկ միացնել իր կազմին:
Սակայն այս կախակայումը աղջկանց ֆութպոլի եւ ֆութսալի խումբերուն վրայ չի տարածուիր:



