Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Եունայթըտ Առիթ Մը Եւս Կորսնցուց 4-րդ Դիրք Բարձրանալու

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Առիթ Մը Եւս Կորսնցուց 4-րդ Դիրք Բարձրանալու

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ գեղեցիկ մրցումէ մը ետք չկրցաւ պարտութեան մատնել Պորնմաութը` իր «Օլտ Թրաֆորտ» մարզադաշտին վրայ, եւ 4-4 արդիւնքով հաւասարեցաւ: 2 հանգրուան առաջ ալ Մանչեսթըր Եունայթըտ առիթ ունէր բարձրանալու 4-րդ դիրք, բայց Ուեսթ Համի հետ (1-1) հաւասարութիւն արձանագրեց: Ամատ Տիալլօ 13-րդ վայրկեանին նշանակեց Եունայթըտի կոլը` գլխու հարուածով: Կիսախաղէն 5 վայրկեան առաջ, Սեմենիօ նշանակեց 1-1-ի...

Պարսելոնան Կրնայ  Նոր Սեփականատէր Ունենալ

Պարսելոնան Կրնայ Նոր Սեփականատէր Ունենալ

«Էլ Չիրինկիթօ»-ի լրագրող Ֆրանսուա Կայարտօ վերջերս յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը պատրաստ է 10 միլիառ եւրոյի առաջարկ ներկայացնելու` Պարսելոնան ձեռք բերելու համար: Պարսելոնայի ակումբի սեփականատէրներու ընկերութեան ձեւը կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ նման գործարքի մը, քանի որ ակումբը միացեալ սեփականութիւն է իր անդամներու կողմէ, որոնք կը վերահսկեն անոր ընտրութիւնները եւ կառավարումը: 17Ըստ «Կոլ» կայքին, Սէուտական Արաբիոյ հանրային...

Արժանթինի Ազգային Խումբը Կրնայ  Հեռացուիլ 2026-ի Մոնտիալէն…

Արժանթինի Ազգային Խումբը Կրնայ Հեռացուիլ 2026-ի Մոնտիալէն…

«Լա Նասիոն»-ի համաձայն, Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ծագած գայթակղութեան պատճառով Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը կրնայ հեռացուիլ 2026-ի Մոնտիալէն: Արժանթինի փտածութեան դէմ պայքարի վարչութեան հետաքննութիւնը կը խուզարկէ ֆետերասիոնի նախագահ Քլաուտիօ Թափիայի, անոր վստահած անձերէն Փապլօ Թովիկոյի եւ գանձապահի տեղակալ Լուչիանօ Նաքիսի անձնական կառոյցները: Պաշտօնեաները կասկածի տակ են ապօրինի հարստացման առնչութեամբ: Այժմ իրաւարարները Փիլար քաղաքին մէջ գտնուող շքեղ կալուածի իրական սեփականատէրը կը փորձեն...

Իան Ռաշ… Աւելի Լաւ

Իան Ռաշ… Աւելի Լաւ

Լիվըրփուլի կալեսցի պատմական կոլ-սքորըր Իան Ռաշ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով տեղափոխուած էր հիւանդանոց, բայց երէկ ան վերադարձաւ տուն` աւելի հանգիստ ըլլալով: Ան 48 ժամ գտնուած էր ծանր վիճակի մէջ, ուր միացած էր արհեստական շնչառութեան սարքին: Շտապ օգնութեան բաժինէն դուրս գալէ ետք ան այժմ շատ աւելի լաւ է: 64 տարեկան Ռաշ 15 տարի մաս կազմած է Լիվըրփուլի` 1980-էն 1996, 1,5 տարեշրջան...

Ճատրակ.  Արամ Յակոբեան Եւ Մարիամ Մկրտչեան Ախոյեաններ

Ճատրակ. Արամ Յակոբեան Եւ Մարիամ Մկրտչեան Ախոյեաններ

Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցող «Ղազախստան Չես Քափ 2025» ճատրակի մրցաշարքը վերջ գտաւ հայկական զոյգ յաղթանակներով: Տղոց մրցումներուն թիւ 5 դասուած Արամ Յակոբեան ցուցադրեց վստահ եւ կայուն խաղաձեւ եւ հաւաքելով 7,5 կէտ կարելի 11-էն, դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան` շահելով մօտ 17 հազար տոլարի մրցանակ: Աղջկանց ախոյեան դարձաւ թիւ 4 դասուած Մարիամ Մկրտչեան, որ նոյնպէս հաւաքեց 7,5 կէտ եւ դարձաւ մրցաշարքի աղջկանց ախոյեան`...

Բռնցքամարտ.  Մարատ Գրիգորեան Եւ Անահիտ  Հարոյեան` Յաղթական

Բռնցքամարտ. Մարատ Գրիգորեան Եւ Անահիտ Հարոյեան` Յաղթական

Օտեսայի հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Մարատ Գրիգորեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած մենամարտի մը ընթացքին: 25 տարեկան Մարատ Գրիգորեան 2-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց փաքիստանցի Եասեր Ահմետ Մալիքին եւ դարձաւ «Տապըլեու. Պի. Էֆ.» միջցամաքամասային ախոյեան` ծանր կշիռի թեթեւ կարգին մէջ: Մենամարտի առաջին վայրկեաններէն իսկ, Մարատ յարձակողական ձեւով սկսած էր մրցումը` վերահսկելով պայքարի ընթացքը իր վստահ խաղարկութեամբ: Երկրորդ ռաունտին, իրաւարարը ստիպուած...

Ըմբշամարտ.  Ճոն Սինա Լքեց Իր Ասպարէզը

Ըմբշամարտ. Ճոն Սինա Լքեց Իր Ասպարէզը

Ամերիկացի պատմական ըմբիշ Ճոն Սինա 23 տարիներ ելոյթներ ունենալէ ետք միջազգային ըմբշամարտի աշխարհը լքեց 48 տարեկանին: 14 դեկտեմբերի գիշերը տեղի ունեցած «Տապըլեու. Տապըլեու. Ի»-ի իր վերջին մրցումին Մէյն Իվենթ 42-ի սպասուած մենամարտին ան մրցեցաւ Կիւնթերի դէմ: Գեղեցիկ ելոյթէ մը ետք Կիւնթեր խեղդելու ձեւով կրցաւ յաղթել մրցումը, մինչ Սինա հրաժեշտ տուաւ համակիրներուն: Ան իբրեւ ասպարէզի աւարտի խորհրդանշական քայլ, իր թեւի կապերը...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ճէյմսի Ազատ Հարուածները Օգնեցին,  Որ Լէյքըրզ Յաղթէ

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյմսի Ազատ Հարուածները Օգնեցին, Որ Լէյքըրզ Յաղթէ

Լըպրոն Ճէյմս 2 ազատ հարուածներ նշանակեց մրցումի աւարտէն 3,9 երկվայրկեան առաջ, մինչ Լուքա Տոնչիչ 29 կէտեր նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 116-114 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆինիքս Սանզը` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Լէյքըրզ 20 կէտի առաւելութիւն ունէր մրցումի աւարտէն 7,48 վայրկեան առաջ (99+9), բայց Ֆինիքս յաջորդական կէտեր նշանակեց եւ 114-113 արդիւնքով յառաջացաւ Տիլըն Պրուքսի 3 կէտնոց կողովէն ետք, աւարտէն 12,2 երկվայրկեան...

Մեսսի Այցելեց Հնդկաստան Եւ… Քաոսի Վերածեց

Մեսսի Այցելեց Հնդկաստան Եւ… Քաոսի Վերածեց

Ինթեր Մայեմիի հետ Միացեալ Նահանգներու ախոյեանը դարձած Լիոնել Մեսսի «Կոթ թուր»-ի իր շրջագայութիւնը շարունակեց եւ երկրորդ անգամ ըլլալով այցելեց Հնդկաստան, ուր Կալկաթայի մէջ հանդիպեցաւ համակիրներու հոծ բազմութեան մը, Լուիս Սուարեզի եւ Ռոտրիկօ Տը Փոլի հետ միասին: Մեսսի մտած էր «Սոլթ լէյք» մարզադաշտ` մասնակցելու համար գովազդային միջոցառումի մը, որ սակայն շատ կարճ ժամանակ տեւեց: Մօտ 80 հազար հանդիսատեսներ ողողած էին դաշտը,...

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը 2025-2026 տարեշրջանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Թաուֆիրին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւելի լաւ պաշտպանողական խումբ մը կազմած կը թուի ըլլալ, հակառակ անոր որ առաջին մրցումէն չենք կրնար դատել խումբին ճիշդ մակարդակը: Մրցումի 23-րդ վայրկեանին Սերժ Օսքեան, որ անցեալ տարեշրջանի Դ. դասակարգի կոլ-սքորըրն էր, կուրծքով կեցնելէ ետք գնդակը ամենայն ճկունութեամբ ինքն...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութիւն Կրեց Սանթրալէն` 94-103 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութիւն Կրեց Սանթրալէն` 94-103 Արդիւնքով

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը շաբաթ օր ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումէ մը ետք 94-103 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սանթրալէն (Մարքազիէ Ճիւնի): ՀՄԸՄ, որուն վերջին օրը միացած էր Անթուէյն Ուիկինզ, լաւ ձեւով չսկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին շատ դժուար կէտեր նշանակեց արագ եւ տիրապետող մրցակիցին դէմ: Սանթրալ, որուն կողովը շատ լաւ ձեւով կը պաշտպանուէր Քենի Վութընի կողմէ, հանգիստ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ...

Բռնցքամարտ.  Նոել Միքայէլեան` Աշխարհի Նոր Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Նոել Միքայէլեան` Աշխարհի Նոր Ախոյեան

Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ երկար ժամանակէ սպասուած «վրէժ»-ի մրցումը` Նոել Միքայէլեանի եւ Պատու Ճեքիի միջեւ: 12 ռաունտ տեւած այս մենամարտին, հայ բռնցքամարտիկ Նոել Միքայէլեան մրցավարներու միաձայն որոշումով յաղթեց շուէտացի Ճեքիի եւ նուաճեց «Տապըլեու. Պի. Սի.» աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը` ծանր կշիռի ամէնէն թեթեւ կարգին մէջ: 115-111, 116-110 եւ 116-110 արդիւնքով յաղթած Միքայէլեանի 28-րդ յաղթանակն էր իր ասպարէզի 31 մրցումներուն ընթացքին,...

Սփերձեան` Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր Ամիսներու Լաւագոյնը

Սփերձեան` Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր Ամիսներու Լաւագոյնը

Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան, ըստ «Ռուսթաթ» կայքին, ճանչցուած է Ռուսիոյ բարձրագոյն ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկ` նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն: Ան նոյեմբերին 4 եւ դեկտեմբերին մէկ մրցումներու ընթացքին խաղցած է 447 վայրկեան` արդիւնաւէտ ելոյթներ ունենալով: Ան նշանակած է երեք կոլեր եւ կատարած երկու կոլերու փոխանցում` ստանալով 226 կէտ, որ տարեշրջանի առաւելագոյնն է: Բացի այս բոլորէն, ան զգալի ներդրում ունեցած է խումբի յարձակողական...

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալի «Բախտաւոր» Յաղթանակը Եւ Սալահի Վերջին Մրցումը… 2025-ին

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալի «Բախտաւոր» Յաղթանակը Եւ Սալահի Վերջին Մրցումը… 2025-ին

Շաբաթավերջին «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ սկզբունքով դիւրին մրցակից մը ունէր` Վուլվզ, որ վերջին դիրքին վրայ 2 կէտեր կրցած էր ձեռք ձգել 15 մրցումներու ընթացքին: Արսենալ, որ ամէն տարուան նման վիրաւորներ կ՛ունենայ, մրցումի առաջին 30 վայրկեաններուն կորսնցուց Պեն Ուայթը, որուն փոխարինեց Մայլզ Լուիս-Սքելին: Ուայթ ըստ երեւոյթին միացաւ արդէն իսկ վիրաւոր Քայ Հավերթցին, յետսապահ Կապրիէլին եւ սպանացի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սան Անթոնիօ Սփըրզ Դուրս Ձգեց Օքլահոման` 111-109 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.» Սան Անթոնիօ Սփըրզ Դուրս Ձգեց Օքլահոման` 111-109 Արդիւնքով

Սան Անթոնիօ Սփըրզ վերջ դրաւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի 16 յաջորդական յաղթանակներու շարքին եւ 111-109 արդիւնքով յաղթեց` հասնելով «Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ի մրցաշարքի աւարտականին: Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա 12 մրցումներ բացակայելէ ետք վերադարձաւ եւ 22 կէտ նշանակելով օգնեց Սփըրզի այս յաղթանակին: Մրցումի երկրորդ մասին կը կարծուէր, որ Օքլահոմա 17-ի պիտի հասցնէ իր յաջորդական յաղթանակներու շարքը` 16 կէտերու հասցնելէ ետք իր առաւելութիւնը, բայց...

Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Այսօր ժամը 21:45-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի հիւրընկալէ Սանթրալը (Մարքազիէ Ճիւնի): Ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին մաս կազմող այս մրցումը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ երկու խումբերն ալ կը պայքարին 3-րդ դիրքին համար: ՀՄԸՄ, որ կը պայքարէր առաջին դիրքին համար, իր վերջին մրցումին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց չորեքշաբթի օր Շանվիլի...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաուֆիր

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաուֆիր

Վաղը, Սաֆայի դաշտին վրայ, Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ժամը 14:15-ին պիտի մրցի Թաֆուիրի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը վերջին անգամ 1997-ին Գ. դասակարգին մաս կազմած է եւ կ՛ուզէ շուտով բարձրանալ Բ. դասակարգ: Այս առիթով անցեալ տարուան խումբը աւելի եւս զօրացած է, եւ փորձառու նոր մարզիկներով օժտուելէ ետք պէտք է յաղթանակով սկսիլ եւ լաւ...

Բռնցքամարտ.  Հայաստան Շահեցաւ 5 Պրոնզ Մետալներ

Բռնցքամարտ. Հայաստան Շահեցաւ 5 Պրոնզ Մետալներ

Տուպայի մէջ շարունակուեցաւ բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը, սակայն Հայաստանի ներկայացուցիչներուն համար կիսաւարտականը այդքան ալ յուսալից չեղաւ: Յովհաննէս Բաչկով (67 քկ) դարձաւ բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութիւններու հնգակի պրոնզէ մետալակիր: Կիսաւարտականին ան 2-5 արդիւնքով պարտուեցաւ ռուս Եւգենի Կոլինէն, դիրք մը, որ իրեն ապահովեց 75 հազար ամ. տոլար մրցանակ: Պէտք է ըսել, որ ռուս բռնցքամարտիկները տիրապետեցին` հասնելով 13 կշիռներու 12 աւարտականներու: Միայն ռուսահայ Անտրէ Պեգլիվանեան...

Ճատրակ.  Արոնեան Յաղթեց Մակնուս Քարլսենին Եւ Շահեցաւ Կրան Շլեմի Աւարտականը

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթեց Մակնուս Քարլսենին Եւ Շահեցաւ Կրան Շլեմի Աւարտականը

Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրի Սթայլ Չես» կրան շլեմի աւարտական մրցումը, ուր հայազգի վարպետ Լեւոն Արոնեան պարտութեան մատնեց դասական ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան եւ ՖԻՏԷ-ի դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Մակնուս Քարսլենը: Լարուած պայքարի առաջին ճակատումին Արոնեան առաջին հանգրուանը յաղթեց, իսկ երկրորդին հաւասարութեամբ աւարտեց` շահելով տիտղոսը եւ 200 հազար ամ. տոլարի մրցանակ մը: Արոնեանի երկրորդ յաջորդական կրան շլեմի տիտղոսն էր...

«Քոնֆերենս Լիկ».  Նոա Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Արձանագրեց Եւ Գրեթէ Հասաւ Փլէյ-Օֆ

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Արձանագրեց Եւ Գրեթէ Հասաւ Փլէյ-Օֆ

Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա ակումբը հայկական ֆութպոլին համար պատմական էջ մը բացաւ, երբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ին գծով 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լեհաստանի Լեկիա Վարշաւան գրեթէ ապահովեց փլէյ-օֆի իր տոմսը: Տակաւին մէկ մրցում ունի Նոա, ուր պիտի մրցի Տինամօ Քիեւի դէմ յառաջիկայ հինգշաբթի: Մրցում մը, որուն արդիւնքը շատ բան կրնայ չփոխել, մանաւանդ որ Տինամօ Քիեւ արդէն...

Page 73 of 1275 1 … 72 73 74 … 1,275

Արխիւներ