«Էլ Չիրինկիթօ»-ի լրագրող Ֆրանսուա Կայարտօ վերջերս յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը պատրաստ է 10 միլիառ եւրոյի առաջարկ ներկայացնելու` Պարսելոնան ձեռք բերելու համար:
Պարսելոնայի ակումբի սեփականատէրներու ընկերութեան ձեւը կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ նման գործարքի մը, քանի որ ակումբը միացեալ սեփականութիւն է իր անդամներու կողմէ, որոնք կը վերահսկեն անոր ընտրութիւնները եւ կառավարումը:
17Ըստ «Կոլ» կայքին, Սէուտական Արաբիոյ հանրային ներդրումային հիմնադրամը կրնայ ներդրումներ կատարել Պարսելոնայի առանձին առեւտրական ստորաբաժանման մէջ: Կը նշուի, որ գործարքի յաջողութեան պարագային, քաթալոնական ակումբը անմիջապէս կրնայ փակել իր պարտքերը, որոնք 2,5 միլիառ եւրոյի կը հասնին:


