«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմայի 3-րդ Պարտութիւնը. Տոնչիչ Վիրաւորուեցաւ
Շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ը ականատես եղաւ շատ հետաքրքրական մրցումներու, ուր ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր 3-րդ պարտութիւնը կրեց 112-107 արդիւնքով Մինեսոթայէն, Լուքա Տոնչիչ վիրաւորեց իր ոտքը Լոս Անճելըս Լէյքըրզ - Լոս Անճելըս Քլիփըրզ մրցումին ընթացքին, մինչ Պոսթըն Սելթիքս իր 17-րդ յաղթանակը արձանագրեց ամէնէն մօտ մրցակից Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ, ուր Փէյթըն Փրիչըրտ 33 կէտ նշանակելով տապըլ-տապըլ ձեռք ձգեց 10 էսիսթներով: «Տաք»...




















