Ինթեր Մայեմիի հետ Միացեալ Նահանգներու ախոյեանը դարձած Լիոնել Մեսսի «Կոթ թուր»-ի իր շրջագայութիւնը շարունակեց եւ երկրորդ անգամ ըլլալով այցելեց Հնդկաստան, ուր Կալկաթայի մէջ հանդիպեցաւ համակիրներու հոծ բազմութեան մը, Լուիս Սուարեզի եւ Ռոտրիկօ Տը Փոլի հետ միասին:
Մեսսի մտած էր «Սոլթ լէյք» մարզադաշտ` մասնակցելու համար գովազդային միջոցառումի մը, որ սակայն շատ կարճ ժամանակ տեւեց:
Մօտ 80 հազար հանդիսատեսներ ողողած էին դաշտը, բայց Մեսսի շատ կարճ ժամանակով այցելած է դաշտ` ներկայանալով պատուոյ թրիպիւնին մօտ միայն: Ասիկա անհանգստացուցած էր համակիրները, որոնք շիշեր եւ աթոռներ նետած են դաշտ` կոտրելով ծանուցումի վահանակները:
«Այստեղ հաւաքուած բոլոր մարդիկը կը սիրեն ֆութպոլը: Մենք բոլորս կ՛ուզէինք տեսնել Մեսսին, բայց ասիկա կատարեալ խաբէութիւն էր: Կազմակերպումը սարսափելի ձախող էր: Կալկաթայի համար սեւ օր է այսօր: Նախարարները այնտեղ էին իրենց զաւակներուն հետ, իսկ մնացած մարդիկը ոչինչ կրնային տեսնել: Մենք շատ վիրաւորուած ենք եւ կը պահանջենք մեր գումարը», նշած է զայրացած համակիրներէն մէկը:
Մեսսիի այս այցելութիւնը չ՛արդարացներ սպասելիքները, հակառակ անոր որ ծրագիրը բաւական յաջող էր, ուր տեղի ունեցած էին արձանի բացում, խորհրդանշական գահի տեղադրում եւ ցուցադրական խաղ` Հայտարապատի մէջ:


