Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան, ըստ «Ռուսթաթ» կայքին, ճանչցուած է Ռուսիոյ բարձրագոյն ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկ` նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն: Ան նոյեմբերին 4 եւ դեկտեմբերին մէկ մրցումներու ընթացքին խաղցած է 447 վայրկեան` արդիւնաւէտ ելոյթներ ունենալով:
Ան նշանակած է երեք կոլեր եւ կատարած երկու կոլերու փոխանցում` ստանալով 226 կէտ, որ տարեշրջանի առաւելագոյնն է: Բացի այս բոլորէն, ան զգալի ներդրում ունեցած է խումբի յարձակողական խաղաձեւին մէջ` կատարելով 11 յաջող փոխանցումներ դէպի մրցակիցի մեծ քառակուսի, 14 անգամ հարուածած մրցակիցի բերդին ուղղութեամբ:
Ան անգամ մը եւս հաստատած է ինքզինք իբրեւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկի կարգավիճակը ունեցող` կատարելով 22 ճշգրիտ փոխանցում, որ լաւագոյն ցուցանիշն է Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի բոլոր խաղցողներուն մէջ: Ան կատարած է 17 յաջող տրիպլինկ, ինչպէս նաեւ 7 անգամ խլած է գնդակը մրցակիցներէ:
Կրասնոտար ախոյեանութեան առաջին դիրքը կը գրաւէ 40 կէտերով, իսկ Սփերձեան կը գլխաւորէ երթի լաւագոյն էսիսթներու ցանկը` 12 էսիսթներով:


