ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը շաբաթ օր ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումէ մը ետք 94-103 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սանթրալէն (Մարքազիէ Ճիւնի):
ՀՄԸՄ, որուն վերջին օրը միացած էր Անթուէյն Ուիկինզ, լաւ ձեւով չսկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին շատ դժուար կէտեր նշանակեց արագ եւ տիրապետող մրցակիցին դէմ:
Սանթրալ, որուն կողովը շատ լաւ ձեւով կը պաշտպանուէր Քենի Վութընի կողմէ, հանգիստ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Ճորտըն Սթիվընզ յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով 3 կէտնոց կողովներ նշանակելու «փայլքը» կորսնցուցած էր կարծես:
Ուիկինզ չկրցաւ արագ ձեւով մտնել խումբին մթնոլորտին մէջ, մինչ վիրաւոր Թայլըր Պէյ կը դիտէր թրիպիւնէն խումբին անկարող վիճակը մանաւանդ կողովին տակէն:
Քենի Վութըն մօտ 8 վայրկեան դաշտէն դուրս եկաւ, եւ ճիշդ այդ պահուն է, որ ՀՄԸՄ աւելի հանգիստ կը խաղար: Հակառակ այս բոլորին, մրցումի վերջին 2,5 վայրկեանին, երբ 9 կէտի տարբերութիւն կար (82-91), պէտք էր տղաքը օգտուէին Անիուրի Քասթիյոյի եւ Քենի Վութընի բացակայութենէն (5-ական ֆաուլեր), բայց ատիկա չպատահեցաւ: Ահմետ Իպրահիմ իր կարգին 5 ֆաուլեր կատարած էր մրցումի աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան իր կարգին 5 ֆաուլերով դուրս եկաւ աւարտէն 1,39 վայրկեան առաջ:
Խալիտ Թոմաս 33 կէտ եւ 11 ռիպաունտ կատարեց, Ահմետ Իպրահիմ (22 կէտ) եւ Ճորտըն Սթիվընզ (20 կէտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան, մինչ Ուիկինզ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց իր առաջին մրցումին: Յոյսով մինչեւ Ռիատիի դէմ մրցումը (23 դեկտեմբերին) խումբը իրար հասկնալու կը սկսի, մանաւանդ որ 4-րդ դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ իր ետին ունի Մարիսթը, որ 3 պարտութիւն կրած է:


