Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Նակեթցի Յաջորդական Յաղթանակը Եւ Եոքիչի 36 Կէտերը

«Էն. Պի. Էյ.» Նակեթցի Յաջորդական Յաղթանակը Եւ Եոքիչի 36 Կէտերը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց իր յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, ուր նախկին «Էմ. Վի. Փի.» Նիքոլա Եոքիչ 36 կէտ նշանակեց 12 ռիպաունտի կողքին, 136-105 արդիւնքով յաղթանակին` Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ: Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ պարտութիւններու երկար շարքէ մը ետք (7 մրցում) կրցաւ 143-120 արդիւնքով յաղթել Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Թրէյ Մըրֆի 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փելիքընզի: Միլուոքի...

Պասքեթպոլ.  Թայլըր Պէյ Վիրաւորուեցաւ  Եւ ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ

Պասքեթպոլ. Թայլըր Պէյ Վիրաւորուեցաւ Եւ ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ

Չորեքշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ մրցում ունէր Մարիսթի դէմ: Մրցումը սկսաւ բաւական հաւասարակշռուած, բայց զգալի էր, որ ՀՄԸՄ աւելի լաւ էր մրցակիցէն: Մրցումին 6-րդ վայրկեանն էր, երբ ռիպաունտի բարձրանալէ ետք Թայլըր Պէյ վիրաւորեց իր ոտքի մկանը եւ չկրցաւ աւարտել մրցումը: Արդիւնքը 15-21 էր այդ պահուն, եւ ՀՄԸՄ ազատ հարուածով կէտ մը եւս աւելցուց 7 կէտերու...

Ճատրակ.  Արամ Յակոբեան Եւ Մարիամ Մկրտչեան` Առաջին Դիրքի Վրայ

Ճատրակ. Արամ Յակոբեան Եւ Մարիամ Մկրտչեան` Առաջին Դիրքի Վրայ

Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցող «Ղազախստան Չես քափ 2025 ճատրակի մրցաշարքի 9-րդ հանգրուանին, Հայաստանի զոյգ ներկայացուցիչները` Արամ Յակոբեան եւ Մարիամ Մկրտչեան գրաւեցին տղոց եւ աղջկանց մրցումներու պարագլուխի դիրքերը: Արամ Յակոբեան իր 9-րդ հանգրուանի մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց թիւ 1 դասուած Քազիպեք Նոկերպեքի հետ եւ պահեց կէս կէտի իր առաւելութիւնը Բ. դիրքը գրաւող ռուս Տիմիթրի Պոչարովի վրայ, որ իր կարգին հաւասարեցաւ Տանիէլ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Արսենալ Կը Շարունակէ Յաղթել,  Փարիզ Սեն Ժերմեն Չկրցաւ Կոլ Նշանակել,  Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Կը Շարունակէ Յաղթել, Փարիզ Սեն Ժերմեն Չկրցաւ Կոլ Նշանակել, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի 2-րդ օրուան մրցումներուն, մասնաւոր անակնկալ արդիւնք չարձանագրուեցաւ. Լոնտոնի Արսենալը 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պելճիքայէն` Պրիւժի դէմ մրցումին: Անցեալ տարուան ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն չկրցաւ կոլ նշանակել Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ մրցումին (0-0): Նափոլի 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մուրինիոյի Պենֆիքայէն: Ռէալ Մատրիտ, որուն մարզիկներուն մեծամասնութիւնը իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին մարզիչ Չապի Ալոնսոյի, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մանչեսթըր Սիթիէն:  ...

Ռոման Աւագեան Կոմես` Գերմանիոյ Ֆութպոլի Նոր Աստղերէն

Ռոման Աւագեան Կոմես` Գերմանիոյ Ֆութպոլի Նոր Աստղերէն

15 տարեկան միջնապահ Ռոման Աւագեան Կոմես կը շարունակէ արագ ձեւով բարձրանալ ֆութպոլի աստիճանները` Գերմանիոյ մէջ: Հայ-մեքսիքացի ամերիկացի տաղանդը Մայնցի 16 տարեկանէն վար խումբին հետ դարձաւ պատանիներու հարաւ-արեւմտեան շրջանային ախոյեանը` 13 մրցումներու ընթացքին 11-րդ յաղթանակը արձանագրելէ ետք: Աւագեան Մայնցի հիմնական մարզիկներէն է: Ռոման ծնած է Քալիֆորնիոյ Սան Տիեկօ քաղաքին մէջ եւ որդին է հայ հօր եւ մեքսիքացի մօր: Ան ֆութպոլ սկսած...

Բռնցքամարտ.  5 Հայ Ներկայացուցիչներ  Հասան Կիսաւարտական

Բռնցքամարտ. 5 Հայ Ներկայացուցիչներ Հասան Կիսաւարտական

Տուպայի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը կը շարունակէ իր տպաւորիչ ելոյթները: Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան, Դաւիթ Չալոյեան եւ Ռուտոլֆ Գարբոյեան յաղթելէ ետք քառորդ աւարտականի իրենց մրցումներուն, ապահովեցին առնուազն պրոնզէ մետալ: Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան իր էքուատորցի մրցակիցին դէմ բուռն պայքար տարաւ եւ հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց` իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասնելով կիսաւարտական: Աշխարհի ախոյեանութեան պատուոյ հարթակ կը վերադառնայ գիւմրեցի Դաւիթ...

«Մարզիչը Կապ Չունի Հետս…  Կ՛ըսէ Սալահ

Մոհամետ Սալահ… Ռոնալտոյի Քայլերով

22 նոյեմբեր 2022-ին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր պայմանագրութիւնը խզեց Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ` հարցեր ունենալէ ետք մարզիչ Էրիք Թեն Հաակի հետ: 22 նոյեմբեր 2022-ին Մոհամետ Սալահ իր վերջին ելոյթը ունեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ, որմէ ետք ելոյթ մը եւս ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Նետերլանտներու մէջ` Այնտհովընի դէմ (1-4) Արդեօք Սալահ իր վերջին ելո՞յթը ունեցած է Լիվըրփուլի շապիկով... օրերը գիտեն: Բայց...

Քէօշկերեան Մաքտաշիի Եւ Հաժի Հետ Պատուուեցաւ

Քէօշկերեան Մաքտաշիի Եւ Հաժի Հետ Պատուուեցաւ

Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէն քանի մը օր առաջ պատուեց երեք մարզիկներ, որոնք Լիբանանի անունը բարձր պահած էին` մասնակցելով Ասիական խաղերու երիտասարդներու ախոյեանութեան եւ Իսլամական երկիրներու համերաշխութեան խաղերուն: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնին մէջ` Հազմիէ, ներկայութեամբ երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տնօրէն Ֆատիա Հալլալի, Ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Պութրոս Ժալխի, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնական հիւրերու: Խօսք առին լրագրող Հասսան Մուհիետտին...

Ճատրակ. Արամ Յակոբեան Առաջին Դիրքի Վրայ. Մարիամ Մկրտչեան Կը Պայքարի

Ճատրակ. Արամ Յակոբեան Առաջին Դիրքի Վրայ. Մարիամ Մկրտչեան Կը Պայքարի

Ալմաթիի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային «Ղազախստան Չես Քափի 2025» ճատրակի մրցաշարքը: Տղոց մրցումներուն, Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Արամ Յակոբեան 8 հանգրուաններէ ետք 5,5 կէտ հաւաքած է եւ կը գրաւէ առաջին դիրքը: 11 հանգրուաններէ կազմուած այս մրցաշարքի երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի ռուս Տիմիթրի Պոչարով, որ կարելի 8 կէտերէն 5 կէտ հաւաքած է: Աղջկանց մրցումներուն հայ ներկայացուցիչ Մարիամ Մկրտչեան 3 այլ ներկայացուցիչներու...

Քարաթէ.  Նորիկ Մակարեան` Տիտղոսակիր

Քարաթէ. Նորիկ Մակարեան` Տիտղոսակիր

Վենետիկի (Իտալիա) մէջ տեղի ունեցած հեղինակաւոր մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ հայկական քարաթէի ներկայացուցիչ Նորիկ Մակարեեան: 7-9 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Վենետիկի քարաթէի միջազգային մրցաշարքը` «քարաթէ Եութ լիկ»-ը` կազմակերպութեամբ Քարաթէի համաշխարհային ֆետերասիոնին: Մրցաշարքին մասնակցեցան հարիւրաւոր երիտասարդ մարզիկներ` աշխարհի չորս ծագերէն, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանի հաւաքականը, 14-էն, 17-էն, 19-էն եւ 21-էն վար տարիքային կարգերով: 10 մարզիկներով հայկական պատուիրակութեան միակ մետալը նուաճեց Նորիկ Մակարեան, որ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պրանսըն 35 Կէտով Գլխաւորեց Նիւ Եորքի Յաջողութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.» Պրանսըն 35 Կէտով Գլխաւորեց Նիւ Եորքի Յաջողութիւնը

Ճէյլըն Պրանսըն 35 կէտ նշանակեց եւ Ճոշ Հարթ աւելցուց 22 կէտ ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, որ 117-101 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզը, հասաւ «Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ի կիսաւարտական: Քարլ Անթոնի Թաունզ 14 կէտ եւ 16 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Օրլանտօ Մեճիքի դէմ: Շաբաթ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ինթեր Միլան-Լիվըրփուլ` 0-1

«Չեմփիընզ Լիկ». Ինթեր Միլան-Լիվըրփուլ` 0-1

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումներուն անսպասելի հերոսներ փայլեցան, հետաքրքրական արդիւնքներ արձանագրուեցան, ձիւնածածկ դաշտեր, հռչակաւոր «քամպեքներ» եւ վճռորոշ հանդիպումներ տեղի ունեցան: Ղազախստանի մէջ Քայրաթ 1-0 արդիւնքով «սպասուած» պարտութիւն կրեց Օլիմփիաքոսի դէմ: Հակառակ պարտութեան, Քայրաթի բերդապահ Թեմիրլան Անարպեքով մրցումի լաւագոյն մարզիկը ընտրուեցաւ` զսպելով աւելի քան 8 ստոյգ առիթներ: Ձիւնածածկ դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը ծանր...

Արաուխօ Կրնայ Հեռանալ Պարսելոնայէն

Արաուխօ Կրնայ Հեռանալ Պարսելոնայէն

Պարսելոնայի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ կրնայ լքել Պարսելոնան` առողջական պատճառներով: 26 տարեկան ուրուկուէյցի ֆութպոլիստը 25 նոյեմբերէն ի վեր դաշտ չէ ներկայացած: Սկիզբը քաթալոններու ակումբի գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիք յայտնած էր, թէ ան աղիքային բորբոքում ունի, բայց աւելի ուշ տեղեկութիւններ տարածուեցան, Արաուխօ արձակուրդ ուզած է հոգեբանական դժուարութիւններու պատճառով: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Չելսիի դէմ մրցումին իր ստացած կարմիր քարտը բաւական ծանր ազդած...

Բռնցքամարտ.  Անի Յովսէփեանի  Յաջորդ Մրցումը` Մարտին

Բռնցքամարտ. Անի Յովսէփեանի Յաջորդ Մրցումը` Մարտին

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան Անի Յովսէփեան, արհեստավարժ ռինկի յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 2026-ի մարտին: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին խօսած է Անի Յովսէփեան, որուն յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ հարաւային Ափրիկէի ներկայացուցիչ Նոզիֆօ Պել: «Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այդ մենամարտին յաղթելու պարագային, կարելիութիւն կ՛ունենամ մենամարտելու «Տապըլեու. Պի. Սի. Սիլվըր» գօտիին համար», ըսած է Յովսէփեան: Անի Յովսէփեան արհեստավարժ...

Սիմոնեանի Յուշատախտակը`  Սպարտակի Դաշտին Մէջ

Սիմոնեանի Յուշատախտակը` Սպարտակի Դաշտին Մէջ

Մոսկուայի Սպարտակ ակումբի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկու Նիքիթա Սիմոնեանի յուշատախտակի բացումը եղած է «Լուկոյլ Արենա» դաշտին մէջ: Յուշատախտակի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Սիմոնեանի աղջիկը` Վիքթորիա Սիմոնեան, Սպարտակի նախկին գլխաւոր մարզիչ Օլեկ Ռոմանցեւ, նախկին ֆութպոլիստ, Ռուսիոյ վեթերաններու ֆութպոլիստներու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Միրզոյեան: Նիքիթա Սիմոնեանի աղջիկը Սպարտակի թանգարանին փոխանցած է իր հօր` Ռուսիոյ աշխատանքի հերոսի պարգեւը, որ անոր շնորհուած էր 10...

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Կրասնոտար` Երթի Ախոյեան

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Կրասնոտար` Երթի Ախոյեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ ռուսական Կրասնոտարի խմբապետ Էդուարդ Սփերձեան ամփոփեց ռուսական բարձրագոյն դասակարգի երթի մրցումները: «Տարեշրջանի առաջին մասը աւարտեցինք առաջին դիրքի վրայ: Հիմա հանգիստը կրկնակի անգամ աւելի հաճելի է: Շատ շնորհակալ եմ իմ խմբակիցներուս եւ անշուշտ համակիրներուն», ըսած է Սփերձեան: Ռուսիոյ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանէն ետք Կրասնոտար 40 կէտերով գրաւեց առաջին դիրքը: 39 կէտով Բ. դիրքը կը գրաւէ Զենիթ Սենթ...

Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան` Թեկնածու

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Թեկնածու

25 տարեկան յունահռոմէական ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան (77 քկ) ներառուած է «2025 թուականի ամէնէն գերիշխան ըմբիշ», տիտղոսի թեկնածուներու ցանկին մէջ, կը նշէ Աշխարհի ըմբշամարտի միացեալ ֆետերասիոնը: Մալխաս Ամոյեանի թեկնածութիւնը շատ տրամաբանական է անոր փայլուն տարուան համար, մանաւանդ որ ան աւարտեց առանց որեւէ պարտութեան: Վերջին անգամ 2024-ի Փարիզի Ողիմպիականի խաղերուն, ուր ան պրոնզէ մետալ նուաճած էր, կիսաւարտականին պարտութիւն կրած էր ճափոնցի Նաօ...

Բռնցքամարտ.  6 Հայ Ներկայացուցիչներ  Կը Շարունակեն…

Բռնցքամարտ. 6 Հայ Ներկայացուցիչներ Կը Շարունակեն…

«Այ. Պի. Էյ.»-ի բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի Տուպայի մէջ, ուր Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող 6 մարզիկներ կը շարունակեն յաղթանակներու իրենց երթը` հասնելով քառորդ աւարտական: Մեծ գումարներ նկատի առնուած են, առաջին 5 դիրքերը գրաւող մարզիկներուն` 10-էն 300 հազար ամերիկեան տոլար: Քառորդ աւարտական հասած են Բարեղամ Յարութիւնեան (48 քկ), Արթուր Բազէեան (60 քկ), Յովհաննէս Բաչկով (67 քկ), Արտաշէս Յովհաննիսեան (80 քկ),...

Միրանեանի Կոլը Յաղթանակ  Նուիրեց Իր Խումբին

Միրանեանի Կոլը Յաղթանակ Նուիրեց Իր Խումբին

Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Արթուր Միրանեան 95-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը, որուն շնորհիւ Պնէյ Սախնին յաղթեց Մաքքապի Պնէյ Ռէյնէի: Իսրայէլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգուանին գծով այս մրցումին Միրանեան բարձր մակարդակի մրցում ունեցաւ եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին` 4 անգամ հարուածելով մրցակիցի բերդին ուղղութեամբ: Միրանեանի 3-րդ կոլն էր ասիկա ախոյեանութեան գծով, եւ այս յաղթանակով Պնէյ Սախնին բարձրացաւ 8-րդ դիրք:  

Բռնցքամարտ.  Թեմուր Մամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Թեմուր Մամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ծանր կշիռի բռնցքամարտիկ Թեմուր Մամոյեան (11-0) նուաճեց «Տապըլեու. Պի. Էյ.» Ուորտ Կոլտ» ախոյեանութեան գօտին` նաք-աութով պարտութեան մատնելով Ճուար Շէյխին: Մրցումը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Կիւպինկեն քաղաքին մէջ, ուր Մամոյեան 8-րդ ռաունտին աւարտեց իր մենամարտը: 34 տարեկան մարզիկը, որ ազգութեամբ եզիտի է, ծնած է Երեւան, սակայն վերջին տարիներուն կը բնակի եւ կը մարզուի Գերմանիոյ մէջ: Այս յաղթանակը եղաւ անոր արհեստավարժ ասպարէզի մեծագոյն...

Page 74 of 1275 1 … 73 74 75 … 1,275

Արխիւներ