Շաբաթավերջին «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ սկզբունքով դիւրին մրցակից մը ունէր` Վուլվզ, որ վերջին դիրքին վրայ 2 կէտեր կրցած էր ձեռք ձգել 15 մրցումներու ընթացքին:
Արսենալ, որ ամէն տարուան նման վիրաւորներ կ՛ունենայ, մրցումի առաջին 30 վայրկեաններուն կորսնցուց Պեն Ուայթը, որուն փոխարինեց Մայլզ Լուիս-Սքելին: Ուայթ ըստ երեւոյթին միացաւ արդէն իսկ վիրաւոր Քայ Հավերթցին, յետսապահ Կապրիէլին եւ սպանացի պաշտպան Քրիսթիան Մոսքերային, մինչ վերջերս վերադարձած էին Կապրիէլ Ժեսուս եւ խմբապետ Մարթին Օտեկաարտ:
Առաջին կիսախաղին սպիտակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Վուլվզ, որ բնականաբար պաշտպանողական խաղ պիտի կիրարկէր, նշանակեց երեք կոլ, որոնցմէ միայն մէկը Արսենալի բերդին մէջ:
Բերդապահ Սամ Ճոնսթըն անբախտ էր, երբ Սաքայի Քունըրը զսպելէ ետք գնդակը դպաւ բերդի ձողին, ապա իր կռնակին դպնալէ ետք նշանակեց Արսենալի առաջին կոլը` 70-րդ վայրկեանին:
Մրցումին 90 վայրկեանները կ՛աւարտէին, երբ Ապոքոտարէ նշանակեց Վուլվզի հաւասարութեան կոլը… Վուլվզի առաջին լուրջ յարձակումէն ետք:
Կը կարծուէր, որ արդիւնքը հաւասարութեամբ պիտի աւարտի, բայց քոլոմպիացի պաշտպան Երսոն Մոսքերա գլխու հարուածով սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Արսենալի 2-րդ կոլը` 94-րդ վայրկեանին:
Լոնտոնէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք` Լիվըրփուլի մէջ, «կարմիրներ»-ը կարեւոր մրցում ունէին Պրայթընի դէմ, ուր Մոհամետ Սալահ վերջերս աղմուկ ստեղծած էր քննադատելով մարզիչը, որ զինք պահեստի աթոռներուն վրայ ձգած էր վերջին 3 մրցումներուն:
Սալահ օր մը առաջ տեսակցութիւն ունեցած էր մարզիչ Առնէ Սլոթի հետ, եւ հարցերը լուծուած էին ըստ երեւոյթին:
Սալահ բախտը ունեցաւ աւելի կանուխ դաշտ ներկայանալու, երբ յետսապահ Ճօ Կոմեզ վիրաւորուեցաւ 26-րդ վայրկեանին: Կոմեզ, որ մրցումի ազդանշանին փոխանցած էր ֆրանսացի Ուկօ Էքիթիքէին, որ նշանակած էր «Փրեմիեր լիկ»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն արագ կոլը 46-րդ երկվայրկեանին, անցեալ օգոստոսին վերադարձած էր դաշտ:
Սալահ այս մրցումին մրցանիշ հաստատեց` կատարելով Էքիթիքէի 2-րդ կոլին էսիսթը: Սալահ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ 277 կոլերուն մէջ բերած է իր նախաձեռնութիւնը կա՛մ նշանակելով, կա՛մ ալ էսիսթով` բարելաւելով Ուէյն Ռունիի մրցանիշը:
Ի վերջոյ Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով յաղթեց, եւ համակիրները գոհ մնացին Սալահի վերջին ելոյթէն: Վերջին ելոյթ, որովհետեւ Մոհամետ Սալահ պիտի մեկնի Եգիպտոս` մասնակցելու համար Ափրիկէի ազգերու ախոյեանութեան (Աֆքոն):
Չելսի 2-0 արդիւնքով յաղթեց Լիվըրփուլ քաղաքի միւս խումբին` Էվըրթընի, ուր Քոլ Փալմըր եւ Մալօ Կուսթօ նշանակեցին: Չելսի բարձրացաւ 4-րդ դիրք, մինչ Լիվըրփուլ գրաւեց 6-րդ դիրքը (ժամանակաւոր):


