Տուպայի մէջ շարունակուեցաւ բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը, սակայն Հայաստանի ներկայացուցիչներուն համար կիսաւարտականը այդքան ալ յուսալից չեղաւ: Յովհաննէս Բաչկով (67 քկ) դարձաւ բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութիւններու հնգակի պրոնզէ մետալակիր: Կիսաւարտականին ան 2-5 արդիւնքով պարտուեցաւ ռուս Եւգենի Կոլինէն, դիրք մը, որ իրեն ապահովեց 75 հազար ամ. տոլար մրցանակ:
Պէտք է ըսել, որ ռուս բռնցքամարտիկները տիրապետեցին` հասնելով 13 կշիռներու 12 աւարտականներու: Միայն ռուսահայ Անտրէ Պեգլիվանեան չկրցաւ հասնիլ աւարտական` պարտուելէ ետք տաճիկ Խուսրախոն Ռահիմովէն:
Հայկական ծագում ունեցող այլ մարտիկ մը` 48 քկ կշիռի Էտմոնտ Ղուդոյեան աւարտականին պիտի մրցի ազրպէյճանցի Սուպհան Մամետովի դէմ:


