«Լա Նասիոն»-ի համաձայն, Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ծագած գայթակղութեան պատճառով Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը կրնայ հեռացուիլ 2026-ի Մոնտիալէն:
Արժանթինի փտածութեան դէմ պայքարի վարչութեան հետաքննութիւնը կը խուզարկէ ֆետերասիոնի նախագահ Քլաուտիօ Թափիայի, անոր վստահած անձերէն Փապլօ Թովիկոյի եւ գանձապահի տեղակալ Լուչիանօ Նաքիսի անձնական կառոյցները:
Պաշտօնեաները կասկածի տակ են ապօրինի հարստացման առնչութեամբ: Այժմ իրաւարարները Փիլար քաղաքին մէջ գտնուող շքեղ կալուածի իրական սեփականատէրը կը փորձեն պարզել: Տարածքը ունի ուղղաթիռի հարթակ, ձիաբուծարան, ինչպէս նաեւ 50 հազուագիւտ ինքնաշարժներ: Կը կարծուի, որ այս տարածքը արձանագրուած է երրորդ անձի մը անունով:
Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՖԱ-ն) դէմ է ազգային ֆետերասիոններու գործերուն միջամտութեան` պետական պաշտօնեաներու կողմէ, ուստի կը նշուի, որ ՖԻՖԱ-ն կրնայ Արժանթինի ազգային խումբը դուրս ձգել մասնակիցներու ցանկէն:
Նշենք, որ վերջին Մոնտիալի տիտղոսակիր Արժանթին 2026-ի Մոնտիալի վիճակաձգութենէն ետք պիտի մրցի Ալճերիոյ, Աւստրիոյ եւ Յորդանանի ազգային խումբերուն հետ:


