Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցող «Ղազախստան Չես Քափ 2025» ճատրակի մրցաշարքը վերջ գտաւ հայկական զոյգ յաղթանակներով:
Տղոց մրցումներուն թիւ 5 դասուած Արամ Յակոբեան ցուցադրեց վստահ եւ կայուն խաղաձեւ եւ հաւաքելով 7,5 կէտ կարելի 11-էն, դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան` շահելով մօտ 17 հազար տոլարի մրցանակ:
Աղջկանց ախոյեան դարձաւ թիւ 4 դասուած Մարիամ Մկրտչեան, որ նոյնպէս հաւաքեց 7,5 կէտ եւ դարձաւ մրցաշարքի աղջկանց ախոյեան` շահելով մօտ 7 հազար տոլար:
Արամ Յակոբեան եւ Մարիամ Մկրտչեան իրենց 11-րդ եւ վերջին մրցումները յաղթեցին, ուր Արամ Յակոբեան կէս կէտի առաւելութեամբ յաղթեց Բ. դիրքը գրաւող ռուս Տիմիթրի Պոչարովին, մինչ Մարիամ չնչին տարբերութեամբ միայն կրցաւ գերազանցել նոյնքան կէտեր ունեցող (7,5 կէտ) ռուս Ալինա Պիվոլին եւ ուզպեք Աֆրուզա Խամտամովային: Այս վերջինը կը նկատուէր թիւ 1 դասուած մարզիկը, մինչ տղոց թիւ 1 դասուած թեկնածուն ռուս Ալեքսի Կրեպնեւն էր, որ գրաւեց 8-րդ դիրքը` 5,5 կէտերով:


