Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ գեղեցիկ մրցումէ մը ետք չկրցաւ պարտութեան մատնել Պորնմաութը` իր «Օլտ Թրաֆորտ» մարզադաշտին վրայ, եւ 4-4 արդիւնքով հաւասարեցաւ:
2 հանգրուան առաջ ալ Մանչեսթըր Եունայթըտ առիթ ունէր բարձրանալու 4-րդ դիրք, բայց Ուեսթ Համի հետ (1-1) հաւասարութիւն արձանագրեց:
Ամատ Տիալլօ 13-րդ վայրկեանին նշանակեց Եունայթըտի կոլը` գլխու հարուածով:
Կիսախաղէն 5 վայրկեան առաջ, Սեմենիօ նշանակեց 1-1-ի կոլը: 49-րդ վայրկեանին եւ կիսախաղի վերջին յարձակումին Քասեմիրօ գլխու հարուածով նշանակեց Եունայթըտի 2-րդ կոլը:
Պրազիլցի Էվանիլսըն Բ. կիսախաղի առաջին վայրկեանէն իսկ հաւասարեցուց արդիւնքը: 52-րդ վայրկեանին Մարքուս Թավերնիեր ազատ հարուածով նշանակեց Պորնմաութի 3-րդ կոլը: 77-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆեռնանտեշ իր կարգին ազատ հարուածով նշանակեց Եունայթըտի 3-րդ կոլը: 2 վայրկեան ետք պրազիլցի Քունիա նշանակեց Եունայթըտի 4-րդ կոլը, եւ կը կարծուէր, որ Եունայթըտ պիտի յաղթէ, բայց… 84-րդ վայրկեանին ֆրանսացի Էլի Ճունիոր Քրուփի նշանակեց Պորնմաութի 4-րդ կոլը` կէտ մը խլելով Եունայթըտի դաշտին վրայ: Անցեալ շաբաթ ալ Պորնմաութ կէտ մը խլած էր Չելսիէն:
Եունայթըտ 26 կէտով գրաւեց 6-րդ դիրքը Քրիսթըլ Փելեսի ետին եւ Լիվըրփուլի ու Սանտըրլենտի նման 26 կէտերով:
Տօնական օրերը կը մօտենան եւ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներն ալ կ՛աւելնան: 21 դեկտեմբերի եւ 7 յունուարի միջեւ Եունայթըտ պիտի մրցի Ասթոն Վիլայի, Նիւքեսըլի, Վուլվզի, Լիծի եւ Պըրնլիի դէմ:


