Լիբանանի Հրացանաձգութեան Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը իր ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին մէջ (Ականջի եւ աչքի հիւանդանոցին մէջ, Նաքքաշ) գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի:
Համագումարին ներկայ գտնուեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 12 ակումբներէն 8-ն, ինչ որ ժողովը դարձուց օրինական:
Ներկաները վաւերացուցին վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները: Քննարկուեցան 2018-ին արձանագրուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ այս տարի գործադրուելիք յայտագիրին հետ առնչուող հարցեր:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական