Մասնակցութեամբ Երկու Հազար Երկսեռ Վազողներու. Տեղի Ունեցաւ Ներքին Ապահովութեան Ուժերու 12-րդ Կէս-Մարաթոնը
Կազմակերպութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերուն, հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասսանի, ներկայութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 7 ապրիլին, Թանգարանի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն 12-րդ կէս-մարաթոնը` մասնակցութեամբ շուրջ երկու հազար երկսեռ վազողներու:
Անոր մասնակցեցան տարբեր ակումբներու եւ միութիւններու մարզիկներ, Լիբանանեան բանակէն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերէն տարրեր:
Վազքի այս մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:45-ին եւ աւարտեցաւ ժամը 11:00-ին:
Տղոց մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Հիւսէյն Աուատա (Լիբանանեան բանակ), մինչ անոր ետին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Իմատ Ժեզզինի (Ներքին ապահովութեան ուժեր) եւ Օմար Համատ (Լիբանանեան բանակ):
Իսկ աղջկանց պարագային առաջին հանդիսացաւ Ռանտա Տաքրուպ («Ինթըր Լեպանոն»), մինչ անոր ետին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ժասմին Աշքար («Լեթց Ռան») եւ Նատա Ժսըր («Լեթց Ռան»):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: