Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 6 ապրիլին, Նըժմէի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Փինկ փոնկի օր»-ը` հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի:
«Փինկ փոնկի օր»-ուան իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական, մարզական անձնաւորութիւններ, դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ:
Անոր ներկայ եղան նաեւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան, Նետիմ Ժեմայել, Անուար Ժումաա, Ալեն Աուն, Էլիաս Հանքաշ, Սելիմ Խուրի, Էտի Մաալուֆ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ տարբեր ֆետերասիոններու անդամներ: