Նախորդ շաբաթավերջին Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 12 տարեկանէն վար տղոց տարիքային ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Հուփս եւ Էներժի:
Հուփս 56-48 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Ռիատի հանդիսացաւ երրորդ իսկ Ֆինիքիա (Պրէյզըրզ)` չորրորդ:

Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի տիտղոսը յանձնեց յաղթական խումբին` ներկայութեամբ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսոյի:
Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմերը:
18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութիւնը կը շարունակուի մեծ խանդավառութեամբ:
Իսկ տղոց եւ աղջկանց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 9 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ):