Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի բաժակի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի պիտի ունենան այսօր, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Ժամը 17:30-ին Ռիատի կը մրցի Աթլասի դէմ, իսկ ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ իր դէմ կ՛ունենայ Մութթահետը:
ՀՄԸՄ-ի կազմը իր կարելին պիտի ընէ յաղթանակ արձանագրելու եւ ապահովելու աւարտականին իր տոմսը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը ճիշդ 18:00-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի Ֆանար եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի ուղղուին Նուհատ Նաուֆալ: