«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ: Այս չորս մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ներկայ դրութեամբ անգլիական խումբերը գերիշխած են այս մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ քառորդ աւարտականին հասած ութ խումբերէն չորսը անգլիական են:
Այսօր Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Փորթոն, մինչ երկրորդին, որ պիտի ըլլայ զուտ անգլիական, Մանչեսթըր Սիթի պիտի այցելէ Թոթենհամի դաշտը:
Վաղը Այաքս Ամսթերտամ կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը, մինչ Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտի:
Աւարտականի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 1 յունիսին: