Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 61 քկ դասակարգին մէջ, հիանալի եւ բացառիկ ելոյթ ունեցաւ 19 տարեկան Արսէն Յարութիւնեան:
Ան քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 5-2 արդիւնքով շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց թուրք Ռեճեփ Թոփալի դէմ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի ռումանացի Նիքոլայ Օխլոփքովի դէմ:
Պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին, Դաւիթ Սաֆարեան (70 քկ) 7-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ռուս Մակոմետրասուլ Կաճիմակոմետովէն:
Իսկ 65 քկ դասակարգին մէջ, Վազգէն Թեւանեան, մրցասպարէզ դուրս չեկաւ Հիւսէյն Շահպանաուի դէմ (Պիելոռուսիա):