Իտալական մամուլը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի եւ աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ համաձայն գտնուեցաւ միանալու Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսին:
Քաթալոնական ակումբին հետ պայմանագրութեան երկարաձգման գծով բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չի նշմարուիր:
Պարսելոնա չի պատրաստուիր բարձրացնել անոր աշխատավարձքը եւ անոր առաջարկել նոր պայմանագրութիւն, որ պիտի երկարի երկար տարիներու վրայ:
Եուվենթուս կ՛ուզէ ձեռք ձգել Ռաքիթիչը, որովհետեւ Սեմի Խըտիրային փոխարինող մը կը փնտռէ:
Ռաքիթիչով հետաքրքրուած են նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ինթեր Միլան եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: