Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի հանգրուանին ծիրին մէջ, տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Այաքս Ամսթերտամ հիւրընկալեց Եուվենթուսը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Պարսելոնան:
Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անգլիոյ մէջ: Լիւք Շօ 12-րդ վայրկեանին սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց եւ այդ պատճառով անոր կազմը նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ գործող ախոյեանէն:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Ճիանլուքա Ռոքքի (Իտալիա), մատնացոյց ըրաւ դաշտին կեդրոնը, լսելէ ետք իրեն ՎԱՐ համակարգէն փոխանցուած լուրը, մինչ կողմի իրաւարարը, յայտնած էր, որ օֆ-սայտ կար:
Իսկ երկրորդ մրցումին, Եուվենթուս Այաքս Ամսթերտամի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվէի կոլը (45-րդ), մինչ Այաքսի կոլը նշանակեց Տաւիտ Ներես (46-րդ):