Կազմակերպութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, Ժամհուրի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2019 տարեշրջանի 25 մեթրի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 237 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին անդամագրուած 15 ակումբներ:
Տեղի ունեցան 12-13, 14-15, 16-17 եւ 18 տարեկան եւ վեր տղոց եւ աղջկանց դասակարգերու մրցումները:
Այս ախոյեանութեան ընթացքին արձանագրուեցան 42 մրցանիշներ (ակումբներու), որոնցմէ 15-ը` Մոն լա Սալին, իսկ 14-ը` Նաժահին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն: