
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, այսօր` չորեքշաբթի, 1 մայիսին, իրարու դէմ կը մրցին Պէյրութ եւ Ռիատի:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:
Առաջին մրցումին, Պէյրութ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 86-72 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդին, Ռիատի 20 կէտի տարբերութեամբ (95-75) յաղթանակ մը` Մանարայի մէջ: