ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի ճատրակի դպրոցին մարզիկները ուրբաթ, 27 ապրիլին, ուրախութեամբ մասնակցեցան Ս. Զատկուան յատուկ եւ հաճելի յայտագիրի մը, որ կ՛ընդգրկէր ճատրակի խմբային մրցում մը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն:
Ճատրակի այս իւրայատուկ մրցումը կը նկատուի քաջալերելի մանաւանդ որ անիկա եղաւ իւրայատուկ իր տեսակին մէջ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ պատանիներուն մօտ:
Վարձքը կատար` մասնաճիւղի ճատրակի պատասխանատուներուն: