Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պրեշիա իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ասքոլիի, ժամանակէն առաջ ապահովեց «Սերի-Ա.»-ի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անիկա իր տրամադրութեան տակ ունենալով 66 կէտ, տարեշրջանը պիտի աւարտէ նուազագոյնը 2-րդ դիրքին վրայ (այժմ` առաջին):
Անոր հետ միասին, իր տոմսը կրնար ապահովել նաեւ 63 կէտ ունեցող Լեչէ, որ սակայն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վարին դիրքերը գրաւող Փատովայէն:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Փալերմօ ունի 59 կէտ:
Պրեշիա վերջին անգամ «Քալչիօ»-ի ախոյեանութեան («Սերի-Ա.») մասնակցած էր 8 տարի առաջ` 2010-2011 տարեշրջանին: