Մարզական

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռենն Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Փարիզ Սեն Ժերմենի

Շաբաթ, 27 ապրիլին, Փարիզի «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Ռենն: Ռենն երրորդ անգամ ըլլալով (վերջինը` 1971-ին) տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով (6-5) յաղթելէ ետք երկրի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ: Փարիզ Սեն Ժերմենի երկու կոլերը նշանակեցին Տենի Ալվես (13-րդ) եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին`  Ախոյեանութենէն Դուրս Ձգելով Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին` Ախոյեանութենէն Դուրս Ձգելով Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆոր-ի (կիսաւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ առաջին մրցումը սկսաւ յաղթանակով, սակայն անկէ ետք կրեց յաջորդական երկու պարտութիւն, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Պէյրութ 2-1 արդիւնքով գերազանցէ ՀՄԸՄ-ը` չորրորդ մրցումին նախօրեակին:...

«Փորշ- Սուփըր-Քափ-2019». Ֆայսալ Զուպէյր Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ «Փորշ-Սուփըր-Քափ-2019» ախոյեանութիւնը` օմանցի Ֆայսալ Զուպէյրի յաղթանակով: Ան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին: Այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ տասներորդ անգամ ըլլալով: Միջին Արեւելքի այս ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Օմանի մէջ:

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին 2-րդ Խաղերը.  Բաժակներու Եւ Յուշանուէրներու Բաշխում

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին 2-րդ Խաղերը. Բաժակներու Եւ Յուշանուէրներու Բաշխում

Կազմակերպութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին, դպրոցական խաղերը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցան` մասնակցութեամբ 31 վարժարաններու: Մասնակցող աշակերտները իրենց պայքարը մղեցին պասքեթպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ պետմինթընի մրցաշարքերուն ընթացքին: Այս խաղերուն կազմակերպումը յանձնուած էր «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, որ գործակցաբար վերոնշեալ մարզաձեւերու ֆետերասիոններուն, լաւապէս յաջողցուց անոնց կայացումը: Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին տեղի ունեցաւ մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին բաժակներ եւ մետալներ տրուեցան յաղթականներուն,...

Ճատրակ. «Կրենքէ-Օփըն»-ի Մրցաշարք. Սամուէլ Տէր Սահակեան Գրաւեց Չորրորդ Դիրքը

Գերմանիոյ մէջ աւարտած ճատրակի «Կրենքէ-օփըն»-ի միջազգային մրցաշարքին Հայաստան ունէր 2 ներկայացուցիչ` կրանտմասթըրներ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արամ Յակոբեան: Տէր Սահակեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ, բաժնեց 1-8-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով ան գրաւեց 4-րդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ գերմանացի Տանիել Ֆրիտման, որ այսպիսով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Կրենքէ-Քլասիք»-ի մրցաշարքին: Իսկ Արա Յակոբեան 7 կէտով գրաւեց 21-րդ դիրքը: Ասիկա կը նկատուի Եւրոպայի մեծագոյն...

Ճատրակ. Հրանդ Մելքումեան Տիտղոսակիր` Աւստրալիոյ Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրանդ Մելքումեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացաւ տիտղոսին: Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Անոր ետին գտնուողները ապահովեցին 7-ական կէտ: Մրցաշարքին մասնակցեցան 53 ճատրակ խաղացողներ:  

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Ռուս Ալինա Քաշլինսքայա Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Անթալիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը: Ռուս Ալինա Քաշլինսքայա տիրացաւ տիտղոսին` ապահովելով 8 կէտ: Ան լրացուցիչ ցուցանիշով գերազանցեց Մարի Սեպակին (Ֆրանսա), Էլիզապեթ Փայեթցին (Գերմանիա), Իննա Կապոնենքոյին (Ուքրանիա) եւ Անթուանեթթա Սթեֆանովային (Պուլկարիա), որոնք ապահովեցին նոյնքան կէտ: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին Էլինա Դանիէլեան, Սիրանուշ Ղուկասեան, Մարիա Գէորգեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան, որոնք ապահովեցին 6,5-ական կէտ` բաժնելով...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ալաշկերտ – Լոռի Աւարտական Մրցումը` 8 Մայիսին

8 մայիսին Բանանցի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Ալաշկերտ եւ Լոռի: Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Ալաշկերտ, որ դարձին հիւրընկալեց Արարատ - Արմենիան, արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն նկատի ունենալով, որ Ալաշկերտ իր դաշտէն դուրս արձանագրած էր 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Լոռիի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ 26 Կէտի Տարբերութեամբ Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով` 90-64 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց ՀՄԸՄ-ը

Այսօր` Չորրորդ Մրցումը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 20 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Պէյրութ-ՀՄԸՄ երրորդ ճակատումը, առաջինին դաշտին` Շիահի մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն, իւրաքանչիւր խումբ իր յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտէն դուրս: Առաջին մրցումին Պէյրութ պարտուեցաւ Շիահի...

Ուապա-Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան

Ուապա-Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Ամմանի մէջ (Յորդանան) իր աւարտին հասաւ ՈՒԱՊԱ-ի` Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ վերջին ճակատումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ յորդանանեան Ֆըհէյս խումբին միջեւ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` հանդիսանալով Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան, երբ մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` իր կատարած այս վերջին մրցումին յաղթելով իր մրցակիցին` 94-67 արդիւնքով: Խումբը Յորդանանէն վերադարձին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Ստացաւ Ախոյեանութեան Իր Տիտղոսը

Կիրակի, 21 ապրիլին, իր աւարտին հասաւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 58-րդ ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ Ահտ - Նըժմէ 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ: Ահտ, որ այս հանգրուանէն առաջ իսկ ապահոված էր տիտղոսը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, անիկա յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով (իսկ 7-րդ անգամ ըլլալով իր պատմութեան մէջ) հանդիսացաւ Լիբանանի...

Շթութկարթ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Շթութկարթ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Օկզպուրկի դաշտին վրայ: Վերջին չորս մրցումներուն, Շթութկարթ, որ կրեց երեք պարտութիւն, տարեշրջանի աւարտէն 4 հանգրուան առաջ կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ վտանգաւոր դիրքը: Արձանագրուած արդիւնքներուն ի տես Շթութկարթ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Մարքուս Վուենզիերլին, որ հոկտեմբեր 2018-էն ի վեր կը գլխաւորէր խումբը: Մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը մարզիչի...

«Լա Լիկա». Պենզեմա Մրցանիշ Մը Հաստատեց Իր Ակումբին Հետ

Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (3-0) հեթրիքի մը հեղինակ դարձաւ (47-րդ, 76-րդ եւ 91-րդ), իւրայատուկ մրցանիշ մը հաստատեց իր ակումբին հետ: Սպանական մամուլը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի 117 տարուան պատմութեան մէջ Պենզեմա հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ նշանակեց իր կազմին վերջին 8 կոլերը` անոր կատարած վերջին 5 մրցումներուն ընթացքին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն...

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլի Մրցանիշը Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հակամրցանիշը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթելով Քարտիֆին, իր ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց: Ակումբը «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ ապահովել 88 կէտ: Լիվըրփուլ իր նախկին մրցանիշը հաստատած էր 2008-2009 տարեշրջանին, երբ ապահոված էր 86 կէտ: Այլ գետնի վրայ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ Էվըրթընի դաշտին վրայ կրեց 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Պէյրութ – ՀՄԸՄ Երրորդ Ճակատումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն (կիսաւարտական) ծիրին մէջ, վաղը` շաբաթ, 19 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-ՀՄԸՄ երրորդ ճակատումը: Ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն, իւրաքանչիւր խումբ մրցակիցի դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրած է Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ վաղը եւս ՀՄԸՄ կրնայ յաղթանակ արձանագրել: Իւրաքանչիւր խումբ իր ամէն կարելին կ՛ընէ լաւ մրցում մը կատարելով...

Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Պէյրութի դրամատունը, որ աւարտականի չորրորդ մրցումին, արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը (5-1 արդիւնքով) եւ գերազանցելով Լիբանանեան բանակի հաւաքականը, 3-1 արդիւնքով տիտղոսը պահեց իր մօտ: Աւարտական այս մրցումները տեղի ունեցան Էմիլ Լահուտի անուան համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): Ալի Թանիշ հեթրիք մը իրագործեց: Այսպիսով, Պէյրութի դամատունը հինգերորդ անգամն ըլլալով տիրացաւ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսին:  

Վոլիպոլ. Սփիտ-Պոլ Շեքքա Լիբանանի Ախոյեան` Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով

Լիբանանի վոլիպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Սփիտ-Պոլ Շեքքա, որ աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն 3-0 արդիւնքով գերազանցեց Շեպիպեթ Թաննուրինը: Այսպիսով, անիկա յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Աւարտականի այս երրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի դաշտին վրայ, Թաննուրին երրորդ կիսախաղին քաշուեցաւ մրցումէն, մինչ ուշացած էր 2-0 արդիւնքով` բողոքելով իր մէկ մարզիկին իրաւարարին կողմէ տրուած կարմիր քարտին համար:...

Ճատրակ. Արոնեանի Մրցակիցները` «Կրենքէ Չես Քլասիք» Միջազգային Մրցաշարքին

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Կրենքէ-Չես-Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: 20-29 ապրիլ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին, Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան աշխարհի գործող ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, Ֆապիանօ Քարուանա (Միացեալ Նահանգներ), Վիշվանաթան Անանտ (Հնդկաստան), Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ (Ֆրանսա), Փիոթր Սվիտլեր (Ռուսիա), Արքատի Նայտիչ (Ազրպէյճան), Ֆրանչիսքօ Վալիեխօ Փոնս (Սպանիա), Կէորկ Մեյեր (Գերմանիա) եւ 14 տարեկան Վենսան...

«Չեմփիընզ Լիկ». Հրապարակուեցաւ Կիսաւարտականի Մրցումներուն Թուականը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը իր հաղորդած մէկ լուրին մէջ հրապարակեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն թուականները: 30 ապրիլին Թոթենհամ կը հիւրընկալէ Այաքս Ամսթերտամը, իսկ 1 մայիսին Պարսելոնա` Լիվըրփուլը (երթի մրցումներ): 7 մայիսին Պարսելոնա հիւրը կ՛ըլլայ Լիվըրփուլին, մինչ 8 մայիսին Այաքս Ամսթերտամ Հոլանտայի մէջ կը մրցի Թոթենհամի դէմ (դարձի մրցումներ): Աւարտականի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 19 յունիսին, Մատրիտի...

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ. Ռոքեթց Յաղթեց. Հարտեն` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Արեւմտեան շրջանին մէջ, Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 118-98 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճէյմս Հարտեն Ռոքեթցի հետ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (32 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ): Ռոքեթց այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Ճեզը` առաջին մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրած ըլլալով (122-90): Պոսթըն Սելթիքս 99-91 արդիւնքով...

Page 710 of 1279 1 … 709 710 711 … 1,279

Արխիւներ