Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 2018-2019 տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, պայքարը կը շարունակուի Մանչեսթըր Սիթիի եւ Լիվըրփուլի միջեւ, որոնք կը պայքարին տիտղոսին տիրանալու համար:
36-րդ հանգրուանին Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պըրնլիի դաշտէն (15-րդ), մինչ Լիվըրփուլ ջախջախեց իր հիւրը` Հատըրսֆիլտը (վերջին)` 5-0 արդիւնքով:
Սիթի այժմ 92 կէտով առաջին է, մինչ Լիվըրփուլ 2-րդ` 91 կէտով:
Այս հանգրուանի գագաթի ճակատումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Չելսիի հետ:
Արսենալ կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը Լայսթըր Սիթիի դաշտին վրայ` 3-0 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Արսենալի հետ, 73-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:


