Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 35-րդ հանգրուանի մրցումները:
Վերջին 11 տարիներուն, Պարսելոնա 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, շուրջ 92 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան «Քամփ Նու»-ի իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լեվանթէի (15-րդ):
Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Լիոնել Մեսսի, 62-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Այսպիսով, ախոյեանութեան աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, Պարսելոնա, որ ունեցաւ 83 կէտ, ապահովեց տիտղոսը, 9 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի չկարենայ գերազանցել Պարսելոնան, որ ունի կոլ-էվըրէյճի լայն տարբերութիւն մը (25 կոլով). Պարսելոնա` + 54, Աթլեթիքօ` + 29:
Մինչ Պարսելոնա 26-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան, անդին արժանթինցի Մեսսի դարձաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ 10-րդ անգամն ըլլալով կը հանդիսանայ Սպանիոյ ախոյեան:



