Երեքշաբթի, 30 ապրիլին, «Ռամատա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) սկսան պիչ-ֆութպոլի Ա. կարգի մարզիչի ասիական փորձերը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
6 օրերու վրայ երկարող այս փորձերը տեղի պիտի ունենան վերոնշեալ պանդոկին մէջ, մինչ գետնի վրայ գործնական գիտելիքներ պիտի տրուին Ռամլեթ Պայտայի ծովեզերեայ դաշտին վրայ:
Առաջին օրուան փորձերուն ներկայ էին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Պարսումեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէն Պասեմ Մոհամետ եւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պահրէյնցի ներկայացուցիչ Սալահ Մոհամետ:
Իր խօսքին մէջ Վահրամ Պարսումեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին` անոր ցուցաբերած այս յատուկ գործակցութեան համար, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր միջոցով լիբանանցի պիչ-ֆութպոլի մարզիչներուն մակարդակը բարձրացնել` յաւելեալ յաջողութիւններու հասնելու համար: