«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պարսելոնա «Քամփ-Նու» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը:
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 մայիսին, Անգլիոյ մէջ:
Այսօրուան մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է հոլանտացի Պիոռն Քուիփերս:



