Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 45-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, Նորուիչ եւ Շեֆիլտ Եունայթըտ յաջողեցան ապահովել բարձրագոյն դասակարգի իրենց տոմսերը:
Նորուիչ (առաջին) ունեցաւ 91 կէտ, իսկ Շեֆիլտ Եունայթըտ (երկրորդ)` 88 կէտ:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լիծ Եունայթըտ ունի 83 կէտ:
10-րդ դիրքին վրայ գտնուող Նոթինկհամ Ֆորեսթ ունի 63 կէտ:
Բարձրագոյն դասակարգ բարձրացող երրորդ դիրքին համար, Լիծ պէտք ունի միայն հաւասարութեան մը` իր կատարելիք վերջին մրցումին (Իփսուիչի դէմ): Վերջինս, որ կը գրաւէ 24-րդ եւ վերջին դիրքը, արդէն իսկ փոխադրուած է Բ. դասակարգ: