Երէկ` հինգշաբթի, 30 մայիսին, տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի 32-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Բարձրագոյն դասակարգի նորեկ Արարատ – Արմենիա իր նորամուտի տարեշրջանը աւարտեց ախոյեանութեան տիտղոսով:
Արդարեւ, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը, որ հիւրը եղաւ Բանանցի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հռչակուեցաւ Հայաստանի ախոյեան` կէտի մը տարբերութեամբ միայն գերազանցելով Փիւնիկ – Երեւանին, որ տարեշրջանը աւարտեց 60 կէտով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց 33 տարեկան ռուս յառաջապահ Անթոն Քոփիալքօ (52-րդ` փենալթիով):
Օրուան իրաւարարները եկած էին Չեխիայէն:
Արարատ – Արմենիա հիմնուած է 2017-ին: