«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով հիւրը եղաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզին, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1)` շնորհիւ իր արձանագրած յաղթանակին, 114-109 արդիւնքով:
Առաջին մրցումին Ռեփթըրզ ինք յաղթած էր:
Ռեփթըրզէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 34 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Քլէյ Թոմսըն` 25 կէտ:
Յառաջիկայ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Ուորիըրզի դաշտին վրայ: