Հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, դարձաւ տիտղոսակիր:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 երկիրներէ 107 ճատրակ խաղացողներ:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Սարգսեան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ:
Երկրորդ դիրքը 6 կէտով գրաւեց Կատիր Հուսէյնով (Ազրպէյճան), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց եգիպտացի Թահեր Ֆուատ: