
Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ նշեց, որ իր պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուի ստորագրութիւնը տալու համար կը պահանջէ 80 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ, որ Լուքաքուով մօտէն հետաքրքրուած է Ինթեր Միլան:
Լուքաքու 2017-ին Էվըրթընէն տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ` փոխան 75 միլիոն եւրոյի:


