Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ պայմանագրութիւն մը կնքեց ռումանացի Լիվիօ Քիոփաթարիոյի հետ, որ պիտի ստանձնէ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը:
Ան իր կազմը պիտի պատրաստէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ Չինաստանի մէջ կատարուելիք Ասիա-2023-ի զտումի մրցաշարքին:
Ան իրեն օգնական պիտի ունենայ Ժամալ Թահան, մինչ բերդապահներու մարզիչը պիտի ըլլայ Ուահիտ Ֆաթթալ:
Ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած է 30 մրցում (իբրեւ մարզիկ), ինչպէս նաեւ եղած է շարք մը ակումբներու մարզիչ` իր երկրին մէջ եւ անկէ դուրս:



