
Նորվեկիոյ 20 տարեկանէն վար ազգային խումբի 18 տարեկան յառաջապահ Ըրլինկ Պրոթ Հալանտ մրցումի մը ընթացքին նշանակեց… 9 կոլ:
Ան այս իրագործումը կատարեց Հոնտուրասի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (12-0), որ կ՛իյնայ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հալանտ մաս կը կազմէ աւստրիական Սալզպուրկ խումբին:


