– Կարէն Խաչանով Ապահովեց
1-16-Ր-րդ Հանգրուանի Իր Տոմսը
– Սերենա Ուիլիըմս Դուրս Մնաց Մրցաշարէն
Փարիզի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Կարէն Խաչանով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-1, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր Սլովաք մրցակիցը` Մարթին Քլիզանը: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 41 վայրկեան:
Դ. հանգրուանին (1-16-րդ հանգրուան), Խաչանով կը մրցի արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյի դէմ, որ 6-4, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրալիացի Ճորտըն Թոմսընի դէմ:
Խաչանով այս մրցաշարքին գծով յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կը հասնի այս հանգրուանին:
Աղջկանց մրցումներուն ծիրին մէջ, ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս, որ տիրացած է 23 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու, չկրցաւ ապահովել 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր ազգակիցէն` Սոֆիա Քենինէն:
Քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար, Քենին պէտք է շրջանցէ նաեւ աւստրալիացի Էշլի Պարթիի արգելքը, որ 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց գերմանացի Անտրէա Փեթքովիչի դէմ:
Գ. հանգրուանին հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Նովաք Ճոքովիչ` իտալացի Սալվաթորէ Քարուսոյի դէմ, 6-3, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով:
Սակայն աղջկանց տիտղոսակիր ճափոնցի Նաոմի Օսաքա դուրս մնաց մրցաշարքէն` պարտութիւն մը կրելով չեխ Քաթերինա Սինիաքովայէն (6-4 եւ 6-2):
Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա), 6-2, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով արժանթինցի Խուան Լոնտերոն, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Նոյնը իրագործեց նաեւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ 6-2, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց արժանթինցի Լէոնարտօ Մայըրին: